Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ գումարման պատգամաւորներու ընտրութիւնները կայացան եւ ամբողջացան, որուն մասնակցեցան 51.505 ընտրող, 45 երկիրներէ, որոնք միասնական ցուցակով ընտրեցին 101 պատգամաւոր:
Ընտրութիւններու մասին վերջնական եւ պաշտօնական տուեալները պիտի հրապարակուին մինչեւ սեպտեմբեր 15-ը, հետեւեալ պաշտօնական կայքերուն մէջ՝ www.elections-western-armenia.info, www.parliament-wa.info, www.gov-wa.info:
Յիշեցնենք, խորհրդարանի առաջին ընտրութիւններուն՝ 2013 թուականի վերջին, մասնակցած էին 17.837 ընտրող, 41 երկիրներէ, որոնք ընտրած էին 64 պատգամաւոր:
Կը շնորհաւորենք խորհրդարանի նորընտիր պատգամաւորներուն, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) պետական կառոյցի պաշտօնեաներուն, պատգամաւորներուն, պատասխանատուներուն, 51 հազարէ աւելի քաղաքացիներուն՝ աննախադէպ արդիւնքներով ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ անցկացնելու կապակցութեամբ:
Կը մաղթենք ամենայն բարիք եւ գործունէութեան յաջող ու յաղթական շարունակութիւն՝ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ իրականացման ուղէգիծին մէջ: