Յայտարարութիւն թրքական պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի առիթով, 24 ապրիլ 2024

Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչումը, յատկապէս այս տարի, առանձնայատուկ բովանդակութիւնը եւ իմաստ կը զգենու:

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը հերթական անգամ դաժանագոյն կերպով ապացուցեց, որ պատմութենէն դասեր չքաղողը, դատապարտուած է անոր դառնութիւնը ու արհաւիրքը վերապրիլ՝ բազմապատկուած ծաւալով:

Արցախի եւ Արցախահայութեան պատուհասած դժնդակ զարգացումները՝ հայրենազրկումն ու բռնագաղթը եկան անվիճելիօրէն փաստելու, որ ազգի գոյութեան եւ գոյատեւման սպառնացող մեր դարանակալ թշնամիներու նպատակներն ու գործողութիւնները՝ ցեղասպանումը եւ հայրենիքի բռնազաւթումը, որպէս գերակայ ու մնայուն քաղաքականութիւն՝ ո՛չ միայն կը շարունակուի, այլեւ, նոր թափ եւ հետեւողականութիւն կը ստանայ:

Ասոր զուգահեռ ու գրեթէ համաժամանակ, մեր ժողովուրդին մէջ գլուխ բարձրացուցած են, պետական – դիւանագիտական եւ քաղաքական – հասարակական գործընթացներուն վրայ արմատապէս ազդելու ու զանոնք տնօրինելու հնարաւորութիւն ստացած են հայանուն այն տարրերը, որոնց համար Հայաստանն ու Հայ Ժողովուրդը՝ անոր հողը, պատմութիւնը, ինքնութիւնը եւ տեսլականը՝ գրոշի արժէք իսկ չունին:

Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս գործող վարչախումբը, պայմանաւորուած՝ ե՛ւ իր ներքին համոզումներով, ե՛ւ թելադրուած արտաքին ոյժերու կողմէ, մեր ազգային ինքնութեան աղաւաղումը, պատմութեան, մշակոյթի, գիտութեան ու կրթութեան եղծանումը, ազգային բարոյականութեան այլասերումը ու հոգեբանութեան աղճատումը, որդեգրած են իրենց կործանարար գործունէութեան անշեղ ուղեգիծ, որը՝ ազգային – պետական կենսագործութեան համարեա բոլոր ոլորտներէն ներս, ամենօրեայ հերթականութեամբ կը դրսեւորուի տեսանելի եւ շօշափելի ապացոյցներով:

Բնականաբար, վերոնշեալ համոզումներով եւ նպատակներով առաջնորդուելով, անոնք ոչ միայն չեն կրնար ըմբռնել եւ գնահատել հայրենիք հասկացութեան իմաստը, անոր հողի սրբութիւնն ու արժէքը, անոր պատմութեան անքակտելի շաղկապումը ներկայի եւ ապագայի հետ, այլեւ թեթեւ ձեռքերով եւ առանց խղճի դոյզն խայթի, առուծախի առարկայ կը դարձնեն հայապատկան տարածքները:

Անոնք, այսքանով իսկ չբաւարարուելով, իրենց լկտիութիւնը կը յանդգնին հասցնել այն աստիճանի, որ հիմա ալ, այլեւայլ թուաբանական աճպարարութիւններ ու սադրիչ մտավարժանքներ հրապարակ նետելով, կը նկրտին ուրանալ եւ մոռացութեան տալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, չէզոքացնել անոր միջազգային հնչեղութիւնը եւ կշիռը, վարկաբեկել ու բեկանել Հայ Ժողովուրդի՝ յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման համար մղուող արդարացի պայքարի տարերքը:

Թող իրենց ու իրենց բազմաբղէտ տէրերուն համար ըլլայ պարզ ու մեկին:
ՉԷ՛Ք ՅԱՋՈՂԻՐ:

Ինչքան ալ այսօր, Հայութիւնը՝ ի՛ Հայաստան եւ ի՛ Սփիւռք, բազմատեսակ եւ բազմաթիւ հանգամանքներու եւ դժնդակ պայմաններու բերումով ընկղմած ըլլայ յուսահատութեան եւ ընկճուածութեան ալիքներուն մէջ՝ ՉԷ՛Ք ՅԱՋՈՂԻՐ:

Ինչքան ալ զանազան ու զարմանազան հնարքներով, մեքենայութիւններով ու ձեռնածութիւններով, ժամանակաւորպէս յաջողիք մոլորեցնել ու ապակողմնորոշել Հայութեան զգալի զանգուածները՝ ՉԷ՛Ք ՅԱՋՈՂԻՐ:

ՉԷ՛Ք ՅԱՋՈՂԻՐ՝

Որովհետեւ, Հայ ժողովուրդին ծոցէն միշտ ալ պիտի դուրս ժայթքէն՝ Սողոմոն Թէհլիրեաններ եւ Գուրգէն Եանիգեաններ:

Որովհետեւ, Հայ Ժողովուրդը միշտ ալ պիտի ծնի՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի անձնազոհ դիւցազներ:

Ուստի՝ ՉԷ՛Ք ՅԱՋՈՂԻՐ:

Եւ յիշէք՝ ՈՉ ՈՔ ԵՒ ՈՉԻՆՉ ՉԻ ՄՈՌՑՈՒԻՐ:

Յարգա՜նք եւ խոնարհում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Յարգա՜նք եւ խոնարհում՝ Արցախեան Ազատամարտի, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային անձեռնմխելիութեան, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած ու զոհաբերած բոլոր հայորդիներու անմոռաց յիշատակին:

Յարգա՜նք եւ խոնարհում՝ բռնագրաւուած Հայրենիքի ազատագրութեան պայքարի ճանապարհին նահատակուած հայորդիներու մշտափայլ յիշատակին:

Պայքարը կը՛ շարունակուի:

Պայքարը պիտի՛ շարունակուի:

Յաղթանակը մե՛րն է:

24 Ապրիլ 2024

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ

ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ